Page 46 - AMAANewsJulyAugSept2021_Neat
P. 46

Èǵ³Ý³Ý»³Ý ݳåÁ »õ Èǵ³Ý³Ý³Ñ³ÛáõÃÇõÝÁ










                           ²ñųݳå³ïáõáõû³Ý гñó ¾


                                  ²Ù¿Ý úñ ú·áëïáÝ 4 ¿ Èǵ³Ý³ÝÇ Ø¿ç
















                         արտադիր չէ Օգոստոս 4 մը, որ Լիբանան տառապի։
                             Մէկուկէս տարի է, որ Լիբանան կը շարունակէ կանգնիլ տխուր իրավիճակի մը եւ խորացող
                         տնտեսական, Ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամի մը առջեւ։ Համաշխարհային
            Պդրամատան տուեալներով, այս իրավիճակը սարսափելի է եւ կրնայ դասուիլ 1800
            թուականներու կէսերէն ի վեր աշխարհի երեք ամենավատ ճգնաժամերէն մէկը։
                Ի՞նչ պիտի նշանակէ փլուզում եւ ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ այդ, հարցեր են, որոնք կը սաստկացնեն մեր
            ամենասարսափելի երեւակայութիւնը։
                Երկարատեւ տառապանքի եւ հորիզոնի վրայ առանց տեսանելի աւարտի, անհատներ, ընտանիքներ,
            կրթական հաստատութիւններ եւ առեւտրական կեդրոններ կը պայքարին գոյատեւելու: Օրերը կը սպառին
            դեղորայքի, վառելանիւթի, առանց չափազանցութեան նոյնիսկ աղբամաններու մէջ պեղուած սնունդի
            եւ այլ տարրական կարիքներու որոնումով, որոնք սակաւ են եւ օրէ օր աւելի անհնար գտնել: Առաւե՛լ,
            ելեկտրական հոսանքի ամէնօրեայ անջատում, որոնք կը տեւեն ժամեր։
                2020-ի Աւետարանչականի շտապ օգնութիւնը կը շարունակէ օրհնութիւն դառնալ մեր ժողովուրդի
            զանազան խաւերուն մէջ մինչեւ այսօր՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան,
            Պէյրութի եւ Հալէպի կրթական խորհուրդներու եւ Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբերու
            համագործակցութեամբ։
                Կարիքը սակայն անսպառ է:
                Մեծագոյն զոհը կը շարունակէ մնալ Յոյսը կամ Յոյսի խաւարումը:
                Արժանապատուութեան հարց է:
                Սփիւռքահայու արժանապատուութեան կենդանութեան:
                Կարելի՞ է զոհաբերել Լիբանանահայու արժանապատուութիւնը:
                Սփիւռքն ու Հայրենիքը հարկ է որ անյապաղ ստեղծեն արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող Սփիւռքահայ
            գաղութներու անվտանգութեան, ապահովութեան եւ տուն դարձը սերտող եւ մշակող ռազմավարութիւն մը:
            Բաւ է արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող Սփիւռքեան գաղութներու խաչելութիւնն ու մարտիրոսացումը:
                Մինչ այդ ամէն միջոց եւ ծրագիր հարկ է որդեգրել այս ամենասարսափելի իրավիճակը փրկելու համար։
                Գործենք ա՛յսօր։ Ձեր նուիրատուութիւնները անյապաղ պիտի
            վերածուին Աստուածատուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյատեւման
            ուղին:                                                                                     * Զաւէն Խանճեան
                Կացութիւնը թաւագլոր կը շարունակէ վատթարանալ:                                           Գործադիր Տնօրէնն
                Յոյս ներշնչէ Լիբանանահայ եղբօրդ:                                                       է Ամերիկայի Հայ
                Արժանապատուութեան հարց է:                                                              Աւետարանչական
                                                                                                       Ընկերակցութեան։




            46 | AMAA NEWS,  July-Aug-Sept 2021
   41   42   43   44   45   46   47   48   49   50   51